Անցեալ Կիրակի օր, Նոյեմբեր 8ին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի ճաշկերոյթի ընթացքին, ելոյթ ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեանը, որու փոխանցած պատգամէն հատուածներ կը ներկայացնենք այստեղ.
Իբրեւ հայեր մենք կը գտնուինք խաչմերուկի մը առաջ.
Մեր առջեւ կը բացուին երկու ճանապարհներ, իրարմէ շատ տարբեր երկու ճանապարհներ:
Մեր ազգի, մեր Դատի ու մեր ապագայի համար հիմնովին հակադիր ճանապարհներ:
Այս խաչմերուկին առջեւ կանգնած, այսօր մենք պէտք է կատարենք մեր ընտրութիւնը:
Ընտրութիւն մը, որ պիտի վճռորոշ դեր ունենայ մեր ազգի ճակատագրին վրայ գալիք տասնամեակներուն՝ նոյնիսկ դարերուն:
Ընտրութիւն մը, որ կը մեկնի մեր սրտերէն եւ որ կը հիմնուի մեր հաւաքական իմաստութեան վրայ:
Ընտրութիւն մը առաջ երթալու: Պարզ ու մեկին ընտրութիւն մը՝ վերապրելու կամ անձնատուր ըլլալու միջեւ:
Սխալ ենթադրութիւններ չընենք: Այս է մեր առջեւ պարզուած իրականութիւնը:
Մեր առջեւ ծառացած ընտրութւինը մեծ բեռ մըն է մեր վրայ: Միեւնոյն ատեն, սակայն, ան իր հետ կը բերէ սրբազան օրհնութիւն մը: Առիթ մը, որ մեր գալիք սերունդներուն համար ճիշդ որոշումներ առնենք:
… Մերօրեայ դարպասապահները կ՛առարկեն, որ իրենց ջատագոված ճանապարհը մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն ու բարգաւաճում, մինչ իրականութեան մէջ այդ ճանապարհը պարզապէս կ՛ուշացնէ, կը յետաձգէ վճարումը՝ մեր ամբողջական անձնատուութեան գինին:
Այս մարդիկ կը ջանան մեզ ընդունիլ տալ Արձանագրութիւնները, որոնք արտաքին ուժերու կողմէ կը պարտադրուին մեր ազգին եւ որոնք բացայայտօրէն կը վտանգեն Հայաստանի ապահովութիւնը, կը հանդիսանան հայոց իրաւունքներէն ամբողջական հրաժարումի միջոցներ, եւ որոնք կասկածի կ՛ենթարկեն Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Անոնք կ՛ուզեն, որ մենք որդեգրենք Մատրիտեան դրոյթները, որոնք կը պարտաւորեցնեն մեզ այսօր յանձնել հայկական հողատարածքներ, փոխարէնը Ատրպէյճանէն ստանալով աղօտ խոստում մը, որ օր մը ան պիտի ինչ-որ կարգավիճակ շնորհէ Արցախին:
Անոնք կ՛ուզեն մեր սեփական ձեռքերով համամարդկային ոճիր հանդիսացող Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որ պէտք էր ամերիկեան կառավարութեան, միջազգային ընտանիքի ու անշուշտ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչում ստանար, վերածուէր պարզապէս երկկողմանի վէճի մը՝ երկու անհամեմատօրէն անհաւասար ուժերու միջեւ:
Ասիկա, սիերլի բարեկամներ, ուղղակի անձնատուութիւն է, համակերպումի ու զիջողականութեան վարքագիծ է պարզապէս:
Այդ ճանապարհով մեր ապագան ու մեր նպատակները պիտի ձեւաւորուին այլոց կողմէ, այլ ոչ՝ մեր:
Այդ ճանապարհով հայկական իրաւունքներու պահապան Սփիւռքը կը վերածուի օտար ուժերու համար աննշան հաւաքականութեան մը:
Կ՛ուզեմ յստակ դարձնել, որ այդ ճանապարհը Հայ Դատը մահուան առաջնորդող եւ մեր ազգի կենսունակութիւնը խլող ճանապարհ է:
Մեր առջեւ ընտրութիւնը՝ իւրաքանչիւրիս համար ընդունելի միակ ճանապարհը, նահանջը մերժելն է:
Մենք պէտք է ձերբազատուինք դիւրին պատասխաններ գտնելու պատրանքէն:
Մենք պէտք է մերժենք Արձանագրութիւնները, Մատրիտեան դրոյթները:
Մեր ընտրութինը յստակ է. վերապրիլ այլ ոչ անձնատուր ըլլալ:
Այլ ընտրանք չունինք:
Կոչ կ՛ուղղեմ ձեզ միանալ մեզ:
Մենք պիտի յաղթենք: