ՆՈՐԹՐԻՃ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ, Շաբաթ, Նոյեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Հայկական փառատօն մը, որու ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան «Չուքասզեան» նուագախումբը, Լիսա Թարփինեան եւ «Զուարթնոց» պարախումբը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին «Plaza del Sol» սրահին մէջ: Տոմսերը 20էն 45 տոլար են: Տոմսեր ապահովելու համար այցելել www.ArtsNorthridge.csun.com համացանցային կայքը կամ հեռաձայնել (818) 677-2488 թիւին: