ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Նոյեան Տապան».- Աշխատանքային այցով ԱՄՆ մեկնած Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Նոյեմբեր 5ին հանդիպում մը ունեցած է Սթանֆորտ համալսարանի հայ ուսանողներու միութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ պատասխանած՝ ուսանողները հետաքրքրող հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի մրցունակութեան բարձրացման, ենթակառուցուածքներու զարգացման հիմնախնդիրներուն, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն կրթութեան ոլորտի բարեփոխումներուն ու հայ-թրքական սահմանի բացման տնտեսական հնարաւոր զարգացումներուն:
Ըստ ՀՀ կառավարութեան Տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան, Տ. Սարգսեան կարեւոր նկատած է աշխարհի լաւագոյն համալսարաններուն մէջ հայ ուսանողներուն մասնակցութիւնը, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող կրթական բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան հետագայ խորացումը:
Նշենք, որ վարչապետը մէկ օր առաջ Լոս Անճելըսի տուած կարճ այցելութեան մը ընթացքին հանդիպած էր «Լինսի» հիմնարկութեան նախագահին ու փոխ նախագահ Յարութ Սասունեանին: