ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քիւրտ անջատողականներուն վերադարձի գործընթացին վրայ կառավարութեան կողմէ դրուած նոր արգելքը դարձեալ փոթորկոտ մթնոլորտ ստեղծեց քրտամէտ շրջանակներուն մէջ։ Ինչպէս յայտնի է, կառավարութիւնը, խրտչելով վերադարձող քիւրտերը դիմաւորելու համար Հապուրի սահմանադրան առջեւ կազմակերպուած ցոյցերէն, յետաձգեց Եւրոպայէն գալիք երկրորդ կարաւանին գալուստը։
Քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութիւնը, որ որոշ պատասխանատուութիւն մը ունի Հապուրի սահմանադրան առջեւ կազմակերպուած ցոյցերուն մէջ, դժգոհ է այս յետաձգումէն: Կուսակցապետ Ահմէտ Թիւրք իր դժգոհութիւնը արտայայտեց պնդելով, որ կառավարութիւնը վախցաւ ազգայնամոլներու ընդդիմութենէն ու հրաժարեցաւ, մինչդեռ պէտք է խիզախ քայլերու դիմէ։
Թիւրքի թիրախը ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային եւ ազգայնամոլ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններն են։
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը խոստացաւ վերադարձի գործընթացը շարունակել յառաջիկայ ամսուան կիսուն: