ԱՆԳԱՐԱ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թանէր Եըլտըզ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին Ատրպէյճանին կոչ ըրած է՝ ուժանիւթի ծրագիրները քաղաքականութեան հետ չխառնելու։
Նախօրէին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման իբրեւ պատիժ պիտի բարձրացնէ Թուրքիոյ ծախուած բնական կազի գինը։
Պատասխանելով Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի այն խօսքին, թէ ներկայիս Թուրքիոյ ծախուող կազին գինը չափազանց ցած է, նախարարը յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի նախագահին հաւանաբար սխալ տեղեկութիւններ տրամադրուած է։
«Մենք երբէք չենք ցանկար, որ Ատրպէյճան գումարներ կորսնցնէ։ Գիներու վերանայման բանակցութիւնները կասեցուած էին կարճ ժամանակով։ Մենք կրկին ներկայացուցած ենք մեր առաջարկը եւ բանակցութիւնները կը շարունակուին», ըսած է ան։
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարը նշած է նաեւ, որ Թուրքիան կը պատրաստուի կրճատել ատրպէյճանական տարանցիկ կազին համար գանձուող գումարը՝ յայտարարելով, որ Ալիեւը այս հարցով եւս սխալ տեղեկութիւններ ունի:
«Յստակ է, որ Թուրքիա աւելի քիչ գումար կը գանձէ ատրպէյճանական տարանցիկ կազին համար, քան այլ երկիրներ», ըսած է Եըլտըզ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.