ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17ին, Քալիֆորնիոյ թուրքերու եւ ատրպէյճանցինրու ներկայացուցիչները դրամահաւաքի ձեռնարկ մը կազմակերպած են, նիւթապէս նեցուկ կանգնելու համար Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն Փօլ Գրիգորեանի ընդդիմադիր թեկնածու Քրիսթին Էսըլին:
«Փաքս թուրքիքա» անունով խմբակ մը կազմակերպած էր դրամահաւաքի ձեռնարկը: Խմբակին մաս կը կազմեն թրքական, ատրպէյճանական եւ հրէական կազմակերպութիւններ:
Ձեռնարկը տեղի ունեցած է թուրք միլիոնատէր եւ Լոս Անճելըսի մօտ գրաւեալ Կիպրոսի «հիւպատոս» Մէհմէտ Մուսթաֆաօղլուի Պէվըրլի Հիլզի բնակարանին մէջ եւ անոր ընթացքին ելոյթներ ունեցած են «Փաքս թուրքիքա»ի հիմնադիր Ճաւիտ Հուսէյնով եւ Ատրպէյճանցի ամերիկացիներու խորհուրդի նախագահ Իսմայիլ Ռուսթամով:
Հուսէյնով յայտարարած է, թէ որոշուած է նեցուկ կանգնիլ Էսըլին, որովհետեւ ան իր համայնքին շահերը ազգային շահերէն վեր չի դասեր, նման կեցուածք մը որդեգրելու յանցանքով ամբաստանելով Գրիգորեանը: Ձեռնարկի ընթացքին Գրիգորեան նաեւ քննադատուած է «Խոճալուի ջարդեր»ը Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին կողմէ դատապարտելու թրքական եւ ատրպէյճանական փորձերը ձախողութեան մատնելուն համար:
Իր կարգին, Էսըլ շնորհակալութիւն յայտնած է թուրք եւ ատրպէյճանցի համայնքներուն կողմէ իր ընտրապայքարին ցուցաբերուած օժանդակութիւններուն համար: