ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրումէն յետոյ աւելի այժմէական դարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին սեփական օրէնքի բացակայութեան հարցին քննարկումները։
ՀՅԴ ներկայացուցիչները մէկ ամիս առաջ մշակած են օրէնքի նախագիծ, որ ներգրաւուած է ԱԺ պետաիրաւական մշտական հարցերու յանձնաժողովի օրակարգին մէջ:
Ըստ ՀՅԴ ԱԺ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանին, այդ հարցը միշտ եղած է, սակայն քաղաքական դաշտին մէջ կատարուած վերջին զարգացումները աւելի հրատապ դարձուցած են օրէնքին ընդունումը. «Բայց կապ չունի՝ կը վաւերացնե՞ն, թէ՞ չեն վաւերացնի արձանագրութիւնները, մենք պէտք է օրէնքը ընդունենք»:
«Մեզ մօտ գործում է միայն քրէական օրէնսգրքի 397.1 յօդուածը, որում ընդհանրապէս դատապարտւում է ցեղասպանութիւնը, իսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնն առանձին նշուած չէ», յայտնած է «Արարատ» ռազմավարագիտական կեդրոնի տնօրէն, քաղաքագէտ Արմէն Այվազեանը, որ Հոկտեմբեր 7ին դատարանին ներկայացուցած էր դիմում՝ ընդդէմ Կովկասի հիմնարկին։ Նշենք, որ վերջինս կը մեղադրուէր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման մէջ։ Ըստ Հայաստանի Վերաքննիչ դատարանի մամլոյ քարտուղար Ալինա Ենգոյեանի, Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ առաջին ատեանի դատարանը շուտով պիտի քննարկէ նշեալ դիմումը։
Նշենք, որ 1988ին, ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը ընդունած էր օրէնք, ըստ որուն կը դատապարտէր 1915ին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հայաստանի անկախացումէն յետոյ չեղեալ համարուած են նախապէս գործող ՀԽՍՀ օրէնքները, բացառութեամբ վերոնշեալ օրէնքին, սակայն անիկա իբրեւ յատուկ օրէնք չընդունուեցաւ, որովհետեւ ՀՀ պաշտօնապէս կը հաստատէր, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.