ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսական «Լ՛Էքսփրէս» ամսաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ անդրադարձած է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ օտար երկիրներու կողմէ այս հարցով ճնշումներ կայի՞ն, Կիւլ նշած է, թէ ո՛չ մէկ ճնշում կար, որովհետեւ՝ «Շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելն ու հարեւաններու հետ լաւ յարաբերութիւններ ստեղծելը Թուրքիոյ քաղաքականութիւնն է»։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տակաւին հայկական բանակ կայ. ատիկա Անգարայի կողմէն զիջո՞ւմ է» հարցումին, Կիւլ պատասխանած է. «Երկրի մը կողմէ այլ երկրի մը տարածքին մէկ մասը բռնագրաւելը անընդունելի է։ Այդ հարցը պէտք է երկխօսութեամբ կարգաւորուի։ Կը կրկնեմ, որ մեր մտահորիզոնը պէտք է ընդարձակենք. ի՞նչ է, կը կարծէք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները պիտի չկարգաւորուի՞ն»։
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին՝ ան ըսած է. «Թուրքիա պատրաստ է իր բոլոր արխիւները, որոնց շարքին՝ ռազմական արխիւները, բանալու։ Մենք այլ երկիրներէ ժամանող պատմաբաններուն ա՛լ, պատմական յանձնախումբին ա՛լ այս խնդիրին մէջ աշխատելու իրաւունք պիտի տանք եւ արդիւնքներն ալ պատրաստ ենք ճանչնալու եւ ընդունելու»։