ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մինչ հանրային ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան եռեակ յարաբերութիւններուն վրայ, անդին Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ կը պատահին կարգ մը զարգացումներ, որոնք դիւանագիտական շրջանակներուն ըսել կու տան, թէ Թուրքիա սկսած է խիստ քաղաքականութիւն կիրարկել Իսրայէլի դէմ։ Կազայի հարցով ծագած տագնապէն ետք, արդէն իսկ յարաբերութիւնները սկսած էին վատթարանալու, իսկ անցեալ շաբաթ հաղորդուեցաւ, թէ Թուրքիոյ մէջ ծրագրուած միջազգային ռազմափորձ մը տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ Իսրայէլ պիտի չմասնակցի անոր:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ Թուրքիա ընդդիմացած է Իսրայէլի մասնակցութեան, որմէ ետք Իսրայէլ սկսած է վերաքննելու Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները: Ոմանք նաեւ կը պնդեն, թէ Իսրայէլ պէտք է զօրակցի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումին, եւ այդ առնչութեամբ կ՛առաջարկուի Երուսաղէմի մէջ Ցեղասպանութեան յուշարձան մը հիմնել: Այս սպառնալիքները դժգոհութիւն պատճառեցին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, իսկ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Իսրայէլը հրաւիրեց աւելի ողջախոհ կերպով շարժելու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.