ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- «Կասեցնել արձանագրութիւնները» («Stop the protocole») շարժումի քսանութ տղաք եւ աղջիկներ Երկուշաբթի կէս գիշերին, չորսօրեայ հացադուլի սկսելով՝ իրենց բողոքի ձայնը միացուցին հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ բարձրացած համընդհանուր կոչերուն:
Երիտասարդներու բողոքի արտայայտութեանց իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար, շուրջ հարիւր հայորդիներ ներկայ եղան հացադուլը մեկնարկելու արարողութեան:
Հացադուլը տեղի կ՛ունենայ Կլէնտէյլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսրանին դիմաց, «Հիլթըն» հիւրանոցին կողքը գտնուող պարտէզին մէջ, Glenoaks եւ Central խաչմերուկին:
Բազուկ բազկի մտած երիտասարդներու շղթային առջեւ խօսք առին Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արեգ Սանդիկեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան:
Ելոյթ ունեցողները ընդգծեցին այս արարքին խորհրդանշական իմաստը, իբրեւ մէկ բաժինը համայն հայութեան կողմէ արտայայտուած ու տակաւին շարունակուող բողոքի արտայայտութիւններուն՝ ընդդէմ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն:
Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան հացադուլի մասնակիցներուն փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը, ապա իր աղօթքը միացուց սրբազանի օրհնութեան:
Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, որմէ ետք ներկաները միասնաբար երգեցին անկախ Հայաստանի քայլերգը՝ «Մեր Հայրենիք»ը:
Նոյն շարժումը, նախագահ Սարգսեանի Լոս Անճելըսի կեցութեան ամբողջ ընթացքին, հարիւրաւոր երիտասարդներ համախմբած էր Մոնթեպէլլոյի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, սպասելով նախագահին ժամանման՝ յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղելու համար: Երիտասարդները չէին ուզեր առիթը փախցնել իրենց խօսքը, բողոքն ու ընդվզումը ուղղակիօրէն նախագահին հասցնելու:
Իրենք զիրենք յուշակոթողին շուրջը շղթայով կապած երիտասարդները կը պահանջէին նախագահէն յարգել նահատակներուն յիշատակը, այլապէս՝ չմօտենալ յուշարձանին:
Անոնք, որոնք կը փափաքին քաջալեր հանդիսանալ երիտասարդներուն, կրնան այցելել անոնց ու արտայայտել իրենց կեցուածքը:
Հացադուլը պիտի աւարտի Ուրբաթ կէս գիշերին: