ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2ին, Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքի, Եուրի Մերզլեաքով եւ Պեռնար Ֆասիէ, Ստեփանակերտի մէջ հանդիպած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ: Հանդիպումէն ետք, լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին, Պեռնար Ֆասիէ յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան հարցը՝ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւններուն, կախեալ չէ Մինսկի խումբի անդամներէն:
Ֆասիէ յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը անցեալին մասնակից էր բանակցութիւններուն, սակայն, հետագային, Հայաստանի որոշումով, ձեւաչափը փոխուած է ու Ղարաբաղը դուրս բերուած է բանակցութիւններէն:
«Այժմ Ղարաբաղի միանալը բանակցութիւններուն այլեւս միայն հայկական կողմէն չէ կախուած, այլեւ, ի հարկէ՝ նաեւ ատրպեճանական կողմէն», յայտարարած է Ֆասիէ:
Ստորեւ կը փոխանցենք Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահի կայքէջէն քաղուած տեղեկութիւնները՝ Մինսկի Խումբի համանախագահներու ստեփանակերտեան հանդիպման մասին.
«Հանդիպմանը քննարկուել է ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմանը եւ տարածաշրջանային գործընթացներին վերաբերող հարցերի լայն շրջանակ:
«Երկրի ղեկավարը մէկ անգամ եւս կարեւորել է բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութեան, անհնարին է հասնել հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման:
«Բակօ Սահակեանն ընդգծել է, որ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման համար պէտք է նայել առաջ, այլ ոչ թէ առաջնորդուել անցեալով: Նախագահի խօսքով, Լեռնային Ղարաբաղը 1988 թուականի իրողութիւններին վերադարձնելու ցանկացած փորձ՝ թէ՛ կարգավիճակի, թէ՛ վարչատարածքային առումով, յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով, եւ գործընթացը կը մտցնի փակուղի:
«Նախագահը ներկաների ուշադրութիւնը հրաւիրել է հասարակութիւնների միջեւ փոխվստահութեան ամրապնդմանն ուղղուած միջոցառումների ակտիւացման վրայ, քանի որ հակամարտութեան կարգաւորման համար անհրաժեշտ պայման է վիճայարոյց հարցերը անկեղծ երխօսութեան միջոցով քննարկելու կողմերի պատրաստակամութիւնը: Այստեղ իրադարձութիւնների արհեստական արագացումը անթոյլատրելի է: Բակօ Սահակեանն ընդգծել է, որ Ատրպէյճանի ռազմատենչ եւ ագրեսիւ (հարցակողական-Խմբ.) քաղաքականութիւնը հանդսիանում է կարգաւորման խաղաղ գործընթացի ամենակարեւոր խոչընդոտներից մէկը:
«Անդրադառնալով հայ-թուրքական յարաբերութիւններին՝ նախագահը նշել է, որ այդ գործընթացը որեւէ առնչութիւն չունի ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հետ, եւ ողջունել է այդ հարցի կապակցութեամբ Մինսկի խմբի համանախագահների կողմից նախօրէին արուած յայտարարութիւնը:
Քննարկուել են նաեւ շփման գծում տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Հանդիպմանը մասնակցում էին ԼՂՀ արտգործնախարար Գէորգի Պետրոսեանը եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը»:
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 4-6 համանախագահները պիտի այցելեն Պաքու: