ՊՈԼԻՍ.- Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցով միջնորդութիւն կատարելու առաջարկ մը չէ ստացած։ «Մենք հիւլէական զէնքերու դէմ ենք, սակայն Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունի երկիր մը, որ հիւլէական զէնքեր ունի եւ այդ ալ Իսրայէլն է։ Սակայն այս հարցը սեղանի վրայ չէ», ըսած է ան։
«Աւելին, Կազայի մէջ ֆոսֆորային ռումբ գործածուեցաւ։ Ատիկա ի՞նչ կը կոչուի: Զանգուածային քանդումի զէնք մը։ Ոչ ոք ատոնց մասին կը խօսի։ Մենք շարունակ Իրանի մասին կը խօսինք։ Իրանի մէջ ներկայիս ոչինչ կը պատահի, սակայն Կազայի մէջ բազմաթիւ բաներ պատահեցան», նշած է ան։
Թուրքիոյ վարչապետը, պատասխանելով 7.8 միլիառ տոլար արժող ամերիկեան հակահրթիռային համակարգեր գնելու հարցին, ըսաւ, որ ցարդ այդ գծով վերջնական որոշում չէ տրուած: Թրքական բանակի բանբեր մը այս ամսուան սկիզբը յայտնած էր, որ Թուրքիա հաւանաբար միայն 1.3 միլիառ տոլարի «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ գնէ:
Էրտողան աւելցուց, որ այդ հրթիռները գնելու որոշումը որեւէ երկրի դէմ ուղղուած քայլ մը չէ։