ՄԱԿ.- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 64րդ նստաշրջանին առջեւ ունեցած իր Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24ի ելոյթին ընթացքին, Թaուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան ճարպիկօրէն փորձած է թրքացնել անցեալի յայտնի գիտնականներն ու արուեստագէտները, երբ համաշխարհային պատմութեան մէջ Թուրքիոյ կարեւոր ներդրումներուն մասին արտայայտուելու ընթացքին, «թուրք եւ իսլամ մտաւորականներ»ու իր նշած ցանկին մէջ յիշած է ոչ թուրքեր:
Արդարեւ, անոր նշած առաջին գիտնականը՝ թուաբանագէտ Խաուարիզմին (Ը.-Թ. դար), պարսիկ մըն է, որ իր կեանքին մէկ մասը այդ օրերուն իսլամական աշխարհի կեդրոնը հանդիսացող Պաղտատի մէջ անցուցած ըլլալով՝ արաբներուն կողմէ եւս «որդեգրուած է»:
Էրտողան ակնարկած է նաեւ պարսիկ գիտնական ու երաժշտագէտ Ֆարապիին (Թ.-Ժ. դար), պարսիկ բժիշկ Ըպն Սինային (Ժ.-ԺԱ. դար), ինչպէս նաեւ հայազգի ճարտարապետ Սինանին (հայկական անունով՝ Յովսէփ, ԺԵ.-ԺԶ. դար), այս չորս անձերը համարելով «թուրք եւ իսլամ»: