Շաբաթ, Օգոստոս 22ին, Կլէնտէլի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը՝ նուիրուած Սեւանայ լիճի խնամքին, կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան (ԱՃԳԸ): Բացման խօսքը կատարեց ընկերակցութեան նախկին նախագահ դոկտ. Շանթ Քենտէրեան, որ ներկայացուց ԱՃԳԸի 25 տարուան պատմութիւնն ու անոր աշխատանքները ու կեդրոնացաւ այս տարուան կարեւոր նախագիծին՝ «Care 4 Sevan»ի վրայ, յիշեցնելով, որ անոր նպատակն է կասեցնել որոշ աղտոտութիւններու հոսքը դէպի Սեւանայ լիճ: Ապա ան ներկայացուց օրուան բանախօս ճարտարագէտները՝ Արեկ Ղարաբեկեանը, Ռուբէն Նալբանդեանը, Ազատ Տէր Պետրոսեանը եւ Միհրան Աղբաբեանը՝ հակիրճ տեղեկութիւն տալով իւրաքանչիւրին մասին:
Առաջին խօսք առնողն էր ԱՃԳԸի բնապահպանութեան յանձնախումբի ատենապետ Արեկ Ղարաբեկեանը: Ան խօսեցաւ Համաշխարային Բ. պատերազմէն ի վեր Հայաստանի կրած մեծ կորուստներուն, Սեւանայ լիճին ներկայ իրավիճակին ու ջուրի նուազումին մասին: Ապա ան խօսեցաւ Արփա-Սեւան փապուղիին մասին եւ նկարագրեց, թէ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը ինչ ծրագիրներ ունի Սեւանայ լիճին մակարդակը բարձրացնելու համար: Իր խօսքի աւարտին, ան ներկայացուց տեսաժապաւէն մը Սեւանայ լիճի մասին, պատրաստուած «VEM Media»ի կողմէ:
Երկրորդ բանախօսն էր Ռուբէն Նալբանդեան, որ ընկերակցութեան նախկին նախագահներէն է: Ան պարզաբանեց Սեւանայ լիճի աղտոտութիւններու ազդեցութիւնը բնակչութեան եւ միջավայրին վրայ, որ պատճառ դարձած է գիւղային շրջաններու մէջ հիւանդութիւններու աճին: Ան իր խօսքը աւարտեց այլ տեսաժապաւէնի մը ներկայացումով:
Երրորդ բանախօսն էր Ազատ Տէր Պետրոսեանը, որ ԱՃԳԸի ներկայ նախագահն է: Ան բացատրեց, թէ ընկերակցութեան շինարարական, ճարտարագիտական եւ բնապահպանութեան յանձնախումբերը կը պատրաստեն Սեւանի շրջակայ փոքր գիւղերուն համար աղտոտ ջուրերու եւ կոյուղիներու մաքրագործման համակարգեր: Ան աւելցուց, թէ 2008ի Մարտին, ԱՃԳԸ կոյուղիներու մաքրագործման աշխատանք տարած էր Արցախի Ծիծեռնավանք գիւղի դպրոցին մէջ եւ կը ծրագրէ նման նախատիպ օգտագործել Սեւանի շրջակայ գիւղերուն մէջ:
Ապա, օրուան հրաւիրեալ դասախօս, փրոֆ. Միհրան Աղբաբեան, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի շինարարական ճարտարագիտութեան բաժնի նախկին դասախօս է եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հիմնադիր ու անոր ցմահ տնօրէն, իր եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց ներկաներուն: Ան բացայայտեց, թէ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ մեծ ջանք կը թափեն Սեւանայ լիճի հարցի նկատմամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՃԳԸի այս մեծ ու կարեւորագոյն աշխատանքը յանձն առնելու եւ ժողովուրդին տեղեկութիւններ տալու համար:
Դասախօսութեան աւարտին դոկտ. Քենտէրեան հարց-պատասխանի առիթ տուաւ: Ժողովրդային հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել contact@aesa.org հասցէին կամ այցելել հետեւեալ համացանցային կայքերը՝ www.aesa.org կամ www.care4sevan.wordpress.com: