ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀԵԴի եւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան համատեղ ջանքերով հանրային քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Շրջանային 9րդ վճռաբեկ ատեանին կողմէ արձակուած այն վճիռին կապակցութեամբ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներէն կը խլէր ապահովագրական օտար ընկերութեանց դէմ դատ բանալու իրաւասութիւնը: Այդ իրաւասութիւնը տրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգին կողմէ վաւերացուած օրէնքով մը:
Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ (500 S7 Central Ave.), Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ:
Զրոյցը պիտի առաջնորդեն Ցեղասպանութեան զոհերը ներկայացնող իրաւաբաններէն Մարք Կիրակոս, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սեդօ Պոյաճեան եւ իրաւաբան ու համայնքային գործիչ Սթիւ Տէտէյեան: Զրոյցը պիտի համադրէ «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմաբգիր Յարութ Սասունեան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ ancwr@anca.org հասէին: