ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Քասփի» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քրտական բանուորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար Ապտիւլլահ Օչալան, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած է Թուրքիոյ մէջ, իր փաստաբաններուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի ազդարարութիւն մը յղած է, երբ իր տեսակէտը յայտնած է Թուրքիոյ զինուած ուժերուն կողմէ քիւրտ անջատողականներուն դէմ շարունակուող գործողութիւններուն մասին։
«Եթէ կը յարձակին (թրքական զինեալ ուժերը), ուրեմն հարկ է պաշտպանուիլ», յայտարարելով՝ Օչալան Էրտողանին դիմած է եւ նշած, որ եթէ վերջինս երեք ամսուան ընթացքին չլուծէ քրտական հարցը, ապա անոր կը սպասէ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Թուրկութ Օզալի ճակատագիրը։
Յիշեցնենք, թէ 1989ին նախագահ ընտրուած Օզալ 1993ին սրտի կաթուածով մը մահացած էր, երբ նախագահի պաշտօնին վրայ կը գտնուէր: Որոշ շրջանակներ կը կասկածին, որ ան թունաւորուած էր:
«Թուրքիան երկու ճանապարհ ունի՝ ժողովրդավարութիւն կամ պարտութիւն», յայտարարած է Օչալան՝ Էրտողանի խորհուրդ տալով, որ դադրեցնէ քիւրտ զինեալներուն դէմ իրականացուող գործողութիւնները։