ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
ԱՅՈ՛, ԱՅՍ ՅՕԴՈՒԱԾԸ ԿՈՉ ՄԸՆ Է
Հայ Դատը վտանգի մէջ է, Ղարաբաղը վտանգի մէջ է, եւ Հայաստանի իշխանութիւնները կը կատարեն քաղաքական ամենէն մեծ սխալը Հայաստանի անկախութեան հիմնադրումէն ի վեր: Հակազդել եւ գրել այսօր, կը նշանակէ արտայայտել իր սէրը Հայաստանի եւ Հայ Դատին համար: Պէտք չէ լռել այս հարցին կապակցութեամբ: Հակազդել, չի նշանակեր՝ քննադատել Հայաստանը, այլ՝ մասնակցիլ ապագան փրկելու գործին:
Անցնող Ապրիլի 22ին ճանապարհային քարտէզի ստորագրութեան հետեւանքով ստեղծուած հակազդեցութիւններով հանդերձ, հայկական դիւանագիտութիւնը շարունակեց Թուրքիոյ մերձեցման իր քաղաքականութիւնը: Իրադարձութիւնները որոշ ատենէ մը ետք քննելով, կարելի է նշմարել, որ հայ եւ թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացումը առաջնահերթ տեղ գրաւած է Հայաստանի կառավարութեան համար, բաղդատաբար այն բոլոր հարցերուն զորս շուրջ մէկ դարէ ի վեր կը ցնցեն Հայ ժողովուրդի եւ Թուրք պետութեան յարաբերութիւնները: Եւ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են ամեն համաձայնութեան Թուրք պետութեան հետ՝ իրականացնելու համար դիւանագիտական յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանի բացումը:
* Համաձայնութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ:
* Համաձայնութիւն Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հարցին շուրջ:
* Համաձայնութիւն Ղարաբաղի հարցին շուրջ:
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հարցին շուրջ, այն ինչ արդէն իսկ ներառուած էր 22 Ապրիլի ճանապարհային քարտէզին մէջ, հաստատուած է: Երկու երկիրները կ՛որոշեն ստեղծել կառոյց մը որ պիտի զբաղի 1915ի «իրադարձութիւններուն» առնչուող թղթածրարները բանալու կամ վերաբանալու, ուսումնասիրելու կամ վերաուսումնասիրելու աշխատանքով: Ինչ որ յստակօրէն կը նշանակէ, թէ այն ինչ անվիճելի իրողութիւն մըն էր ոչ միայն հայութեան այլ նաեւ աւելի քան քսան պետութիւններու եւ ցեղասպանութեան հարցի մասնագէտ ուսումնասիրող համայնքին համար, եւ որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այսօր հարցականի տակ կ՛առնուի, ներառեալ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Ասիկա Հայ Դատին ուղղուած ուժգին հարուած մըն է: Կարեւոր յետդարձ մը: Հիանալի յաղթանակ մը թրքական դիւանագիտութեան համար: Բոլոր կառավարութիւնները եւ խորհրդարանական կառոյցները որոնց հետ աշխատանքային կապի մէջ են հայ դատի պաշտպանները, որպէսզի աշխատին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, պիտի ըսեն թէ արտայայտուելէ առաջ պէտք է սպասել հայ եւ թուրք յանձնաժողովի արդիւնքներուն: Բանալ թղթածրարները, ուսումնասիրել զանոնք, բաղդատել զանոնք, երբեմն հակասական կերպով, կտրատել զանոնք, կազմակերպել բազմաթիւ ժամանակաշրջաններու առնչուող գիտաժողովներ, երբեմն թարգմանութեան դժուարութիւններու հանդիպելով, յատկապէս օսմանեան թղթածրարներու պարագային: Կրնանք պատկերացնել 20 տարուան ուսումնասիրութիւն: 20 տարիներ, որոնց ընթացքին պիտի սառի Հայ Դատի համար մղուող պայքարը: Թուրքիա կը հաստատէ փտտումի ռազմավարութիւն մը. եւ ինչպէ՞ս հաւատալ թուրք մասնագէտներու իրատեսութեան, որ անհրաժեշտաբար պիտի աշխատին իրենց պատկան կառավարութեան հաշւոյն: Ուրիշ կերպ չի կրնար ըլլալ երկրի մը մէջ, որ իր պատժական օրէնսդրութեամբ իսկ կ՛արգիլէ արտայայտուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին: Մենք արդէն իսկ այս փորձառութիւնը ունեցանք 1991ի եւ 1998ի միջեւ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան ժամանակ, երբ վերջինս բացարձակ առաջնահերթութիւն վերապահած էր հայ եւ թուրք յարաբերութիւններու վերսկսման: Եւ մենք դէմ յանդիման գտնուեցանք պետութիւններու դասական առարկութեան:
Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ընդունին նաեւ յետ կանգնիլ հողային պահանջատիրութենէն: Յանուն ինչի՛: Յանուն ինչի՛: Թուրքիա յաջողած է ընել այնպէս, որպէսզի այս կարեւոր ռազմավարական հարցէն հրաժարին հայկական իշխանութիւնները: Յանձնառութիւն մը պէտք է ընդունուէր երկու պետութիւններու ամբողջականութիւնը երկկողմանիօրէն ճանչնալու ինչպէս նաեւ ստորագրուած ու վաւերացուած դաշնագրերու վերաբերեալ:
Անընդունելի է որ հայկական իշխանութիւնները ռազմավարական նման որոշումներ ընդունին առանց խորհրդակցութեան: Ցեղասպանութեան հարցը եւ Հայ Դատը սուրբ են: Անոնք չեն կրնար բանակցութեան հարց դառնալ: Հայաստանի կառավարութիւնը, արտգործնախարարը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահը իրաւունք չունին հայ ազգի անունէն խօսելու, առանց նախապէս խորհրդակցելու, առանց հայ ժողովուրդի յստակ թոյլտուութեան:
Հայաստանի իշխանութիւններու որոշումը քաղաքական անպատասխանատուութեան հետեւանք է, եւ զուրկ որեւէ օրինականութենէ:
Այն ինչ Թուրքիա չէր կրցած ձեռք ձգել տասնեակ տարիներու ընթացքին, հակառակ իր վարած բացառիկ կերպով վայրագ հակահայկական քաղաքականութեան, մինչ Հայաստանը տակաւին անկախ չէր, այսօր կրցած է ստանալ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին միջոցով: Սփիւռքը, առանձինն, եղած է բաւականին զօրաւոր՝ Թուրքիոյ ուրացման դէմ մղելով ճարտար, ուժեղ եւ կազմակերպուած պայքար, եւ ձեռք ձգած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը շուրջ քսան պետութիւններու կողմէ: Սփիւռքի ուժին այսօր կը հակադրուի հայկական դիւանագիտութեան տկարութիւնը: Բացարձակապէս անհրաժեշտ է որ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը կազմակերպէ համահայկական խորհրդակցութիւն, դիմէ համայն աշխարհի հայկական համայնքներուն, հայկական միջազգային մեծ կազմակերպութիւններուն, հայկական կուսակցութիւններուն: Հայասանը եւ Սփիւռքը պէտք է խօսին մէկ ձայնով ապա միասնաբար ձեռք պիտի ձգեն յաջողութիւններ:
Ղարաբաղի հարցով, ոչ մէկ յստակ բան գրուած է հայ եւ թուրք յարաբերութիւններու բնականոնեցումը հաստատող պաշտօնագրին մէջ: Այդուհանդերձ պէտք է յիշել, որ թէեւ այս պաշտօնագրին մէջ Ղարաբաղի հակամարտութեան խնդիրը չէ յարուցուած, վտանգը կը մնայ ակնյայտ, նկատի ունենալով թուրք արտգործնախարարի յայտարարութիւնները, որ եռեակ յայտարարութեան հրապարակման յաջորդ օրը կը յայտնէր՝ թէ Պաքուի շահերուն հակառակ ոչ մէկ քայլ պիտի առնուէր Հայաստանի ուղղութեամբ:
Անցնող Յուլիս ամսուան վերջաւորութեան, Մինսկի խումբը կը վերանորոգէր Մատրիտեան համաձայնագիրը որով Ատրպէճանին կը վերապահուին Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող եօթ շրջանները: Ինչ որ ապահովական լուրջ խնդիր պիտի ստեղծէ թէ Ղարաբաղի եւ թէ Հայաստանի համար: Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակի հարցը չէ յարուցուած, ինչ որ կը նշանակէ թէ ան կը մնայ անփոփոխ: Այսինքն ազերիական ղեկավարման ներքոյ, քանի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը չէ ճանչցուած միջազգային հանրութեան կողմէ: Մինչդեռ Միջազգային Իրաւունքի տրամադրութեանց համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը յարգած է օրին ուժի մէջ եղող սահմանադրութեան պայմանները, եւ հանրաքուէով հաստատած ինքնավար պետութեան իր կարգավիճակը: Ժամանակն է որ Ղարաբաղի իշխանութիւնները ուղղակիօրէն մաս կազմեն բանակցութիւններուն: Այդպիսով հաւանաբար աւելի լաւ կերպով պիտի պաշտպանուին Ղարաբաղի ժողովուրդի շահերը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Ապրիլի 27ին հեռացաւ կառավարութենէն բողոքելու համար նախորդող օրերուն ստորագրուած հայ եւ թուրք ճանապարհային քարտէզի մը դէմ, որ արդէն իսկ իր մէջ կը պարունակէր Հայաստանի կառավարութեան համաձայնութեան նշանները: Հետեւաբար ՀՅ Դաշնակցութիւնը որոշեց որդեգրել ամուր եւ շինիչ ընդդիմութեան ճամբան:
Այժմ անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի կառավարութեան դիրքին դէմ եղող հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչներ–ՀՀ նախագահ միասին իրապէս համայն հայութիւնը ներկայացնող դիրքորոշում մը որդեգրեն:
Պէտք է փրկել ազգային միասնականութիւնը: Անընդունելի է, որ Թուրքիան ըլլայ Հայ ժողովուրդը պառակտողը: Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը անմիջապէս պէտք է դիմէ ազգային միութեան երաշխիք հանդիսացող նախաձեռնութեան մը, որը կրնայ փրկարար դեր կատարել:
Այս յօդուածը կոչ մըն է:
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի
Կեդրոնական Կոմիտէի
Համանախագահ
Ayo Hai zhoghortin TIV MEG TAVAJANN AE POLOR
ISHKHANOUTYOONE