ՔԱՐԱՔԱՍ, «Ռոյթըրզ».- Վենեզուէլլայի նախագահ Հուկօ Չաւէզ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին Աբխազիան եւ Հարաւային Օսէթիան ճանչցաւ իբրեւ անկախ պետութիւններ։ Ռուսական լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ան Մոսկուա այցելութեան մը ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի յայտնած է, թէ իր երկիրը երկու շրջանները «այսօրուընէ սկսեալ» իբրեւ գիրիշխան պետութիւններ պիտի ճանչնայ։
Մինչեւ Հինգշաբթի օր, բացի Ռուսիայէն, միայն Նիքարակուան էր, որ ճանչցած էր երկու շրջաններուն անկախութիւնը։
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Չաւէզ ըսած է, թէ «Վենեզուէլլա կը միանայ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ հանրապետութիւններուն անկախութիւնը ճանչցողներուն: Այսօրուընէ սկսեալ կը ճանչնանք այս երկու հանրապետութիւնները»։
Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած երկու հանրապետութիւնները, ինչպէս նաեւ ռուս երեսփոխաններ ողջունեցին այս քայլը՝ յուսալով, որ Վենեզուէլլայի օրինակին կը հետեւին Հարաւային Ամերիկայի բոլոր երկիրները: