ԼՈՆՏՈՆ.- «Իքոնոմիսթ» ազդեցիկ շաբաթաթերթը, իր վերջին թիւին մէջ խօսելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մասին՝ կը յայտնէ, թէ այդ յայտարարութիւնը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հաշտութիւնը իսկական հեռանկարի մը կը վերածէ, սակայն՝ ոչ հաստատ աւարտի մը։
Խօսլեով 22 Ապրիլին յայտարարուած «ճամբու քարտէս»ին մասին՝ թերթը կը նշէ, թէ անոր հիմնական նպատակը արգելք հանդիսանալ էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման։ «Ատիկա յաջողեցաւ։ Պարաք Օպամա իր 24 Ապրիլի տարեկան յայտարարութեան մէջ Ցեղասպանութիւն եզրը չօգտագործեց։ Սակայն հետագային թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան նախկին քաղաքականութիւնը շրջեց՝ պնդելով, որ Հայաստանի հետ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի միայն, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուի», կը գրէ թերթը։
Յօդուածը կը շարունակէ նշելով, որ նոր յայտարարութեան «նպատակը հաշտութեան երեւոյթը պահելով՝ պրն. (Սերժ) Սարգսեանի (Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի) մրցումին գալը ապահովելն է։ Թուրքիոյ պատասխանը հակասական եղաւ։ Անոր արտաքին գործոց նախարարը՝ Ահմէտ Տաւութօղլու, կը պնդէ, թէ սահմանը այս տարուան վերջաւորութեան պիտի բացուի, սակայն ի՛նք եւս կը յայտնէ, որ Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը կարելի է շարունակել միայն, եթէ ան Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատէ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճան միջեւ երկարատեւ բանակցութիւնները կը թուին անելի մատնուած ըլլալ։ Տաւութօղլուի ամէնէն ճշգրիտ հաստատումը կրնայ ըլլալ այն, թէ Թուրքիա եւ Հայաստան «երկար գործընթաց»ի մը սկիզբը կը գտնուին։ Այդ մէկը որքան երկար է, ոչ ոք գիտէ», կը նշէ թերթը: