ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի կառավարութենէն աղբիւր մը «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան կը յայտնէ, թէ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ ռազմական զրահապատ մեքենաներու միացեալ արտադրութեան պիտի ձեռնարկեն։
Ըստ աղբիւրին, զինուորական արտադրութեան թրքական եւ իսրայէլեան ընկերութիւններուն հետ բանակցութիւնները աւարտելու վրայ են եւ մօտ օրէն արտադրութեան սկսելու համաձայնութիւն մը պիտի ստորագրուի։
Պաշտպանութեան ճարտարարուեստի զարգացման պետական ծրագիրի հիման վրայ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ձգտի շղթաներով գալող մարտական մեքենաներ, ինչպէս նաեւ «Թի. 54» ու «Թի. 55» հրասայլերու մարմիններուն վրայ զրահապատ փոխադրակառքեր կառուցել։
Ատրպէյճան արդէն իսկ Հարաւային Ափրիկէի «Փարամաունթ կրուփ» ընկերութեան հետ «Մաթատոր» եւ «Մարոտըր» զրահապատ մեքենաները կ՛արտադրէ: