ԱՐՑԱԽ, «Փանորամա».- Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ՝ Ռապըրթ Պրատթքէի նշանակման վերաբերեալ, ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ պատրաստ է գործակցելու ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն հետ, մասնաւորաբար՝ Ռապըրթ Պրատթքէի հետ՝ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ եւ արդարացի լուծման հասնելու համար:
Ըստ յայտարարութեան, ԼՂՀ նախարարութիւնը յոյս ունի, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ԱՄՆ համանախագահի նոր թեկնածուին նշանակումը վկայէ, թէ ԱՄՆ այսուհետեւ լուրջ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, եւ պիտի նպաստէ բանակցութիւններուն լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման: