ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն սկսեալ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան ուրացման հարցին նուիրուած միջազգային խորհրդաժողով մը:
Խորհրդաժողովը կազմակերպուած է Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին, հրէական «Laic» ու Ռուանտայի ցեղասպանութենէն վերապրողներու կազմակերպութեան մը համատեղ ջանքերով:
Խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ այս օրերուն, երբ Եւրոպական միութեան անդամ 27 երկիրներուն խորհրդարանները կը սկսին քննելու ցեղասպանութեան ուրացումը քրէական յանցանք դարձնող համաեւրոպական օրէնք մը, որ պէտք է վաւերացուի մինչեւ 2010ի աւարտը:
«Ուրացումը եւ ժողովրդավարութիւնը Եւրոպայի մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը պիտի քննէ այն իրողութիւնը, թէ ուրացումը որքանո՛վ ոտնակոխում մըն է ազատ արտայայտուելու տարրական իրաւունքին, ինչպէս նաեւ վտանգ մըն է ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն:
Խորհրդրաժողովին ներկայ պիտի ըլլան ու ելոյթներ պիտի ունենան պետական պաշտօնատարներ, իրաւաբաններ, պատմագէտներ, ընկերաբաններ:
Խորհրդաժողովին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է նախօրօք արձանագրուին՝ համացանցային http://eafjd.eu/spip.php?article551 կայքին միջոցաւ: