ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու նպատակով, կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի հաստատելու «ATV International» պատկերասփիւռի կայանը, ուրկէ սփռումներ պիտի կատարուին հինգ լեզուներով, ներառեալ՝ հայերէնով: Կայանին լրատուական բաժնի գլխաւոր խմբագիր Վաքիֆ Այտընօղլու յայտնած է, թէ ամենաարդիական գործիքներ ունեցող կայանին սփռումները կրնան սկսիլ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան: Ան ընդունած է, թէ դժուար եղած է հայերէն գիտցող պաշտօնեաներ գտնելը, հակառակ այն իրողութեան, որ Պաքուի պետական համալսարանը հայերէնի բաժանմունք ունի: