ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 3ին առանձնազրոյց մը ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ, որ Արցախ կը գտնուէր մասնակցելու համար ԼՂՀ հռչակման 18րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւններուն։
ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն, նախագահներուն հանդիպումը շարունակուած է նաեւ ընդլայնուած կազմով՝ ԼՂՀ վարչապետի եւ երկու հայկական պետութիւններու ելեւմուտի նախարարներուն մասնակցութեամբ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԼՂՀ հասարակական-տնտեսական զարգացման, ինչպէս նաեւ տնտեսական ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նոյն օրը, երկու նախագահներուն միջեւ կայացած է նաեւ այլ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն եւ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչուող հարցեր:
Հանդիպման մասնակցած են ԼՂՀ Աժ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Մարատ Մուսայելեան, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան եւ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան: