ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ըստ Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան պետի տեղակալ Արմինէ Վարդանեանի, մինչեւ օրս Երեւանի շարք մը դպրոցներու մէջ ընթացող բարեկարգման աշխատանքները չեն խանգարեր նոր ուսումնական տարին։ Անոր հաւաստումով, արդէն իսկ աւարտած են դպրոցներու բարեկարգման հիմնական աշխատանքները, իսկ շարունակուող նորոգումները չեն խանգարեր բարեկանոն դասընթացքը։
Անոր տուած տեղեկութիւններով, քաղաքաշինութեան նախարարութեան պատուէրով այս տարի Երեւանի մէջ պիտի վերանորոգուի 43 դպրոց, որոնց աշխատանքները պէտք է աւարտին մինչեւ տարեվերջ։