ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրապետութենէն ներս Սեպտեմբեր 1ը, իբրեւ նոր ուսումնական տարուան սկիզբ եւ գիտելիքի օր, կ՛անցնի տօնական մթնոլորտի մէջ։
Օրը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի յատկապէս առաջին դասարանի աշակերտներուն համար, որոնք առաջին անգամ ոտք կը դնեն դպրոցի կամարներէն ներս։
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Արթուր Բաղդասարեան յայտնած է, որ նախնական տուեալներով, առաջին դասարանի աշակերտներուն թիւը կը կազմէ 35,400՝ նախորդ տարուան 32,896ի փոխարէն։ Վերջնական թիւը կը յստականայ Սեպտեմբեր 5ին, երբ նախարարութեան կը փոխանցուին մարզերուն տուեալները:
Նոր ուսումնական տարուան առիթով աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն շնորհաւորական ուղերձներ յղած են Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, որոնք փոխանցած են իրենց բարեմաղթանքները։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է բանաստեղծ, հրապարակախօս, Մեծ Եղեռնի նահատակ Սմբատ Բիւրատի անուան միջնակարգ դպրոցը եւ աշակերտներուն հետ անցուցած է արիութեան դասապահ մը՝ մաղթելով անոնց ըլլալ միասնակամ։
Իսկ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ներկայ եղած է Արմաւիրի Նորաւան գիւղի նորակառոյց միջնակարգ դպրոցի բացման արարողութեան եւ շնորհաւորած է անոնց նորակառոյց դպրոցը։
Նշենք, որ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան մեկնած է Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքը եւ ողջունած թիւ 3 դպրոցի առաջին դասարանի աշակերտները։