ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Օգոստոս 31ին ստորագրուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաստատման արձանագրութիւններուն վերաբերեալ՝ Հայ ազգային կոնգրէսի (ՀԱԿ) կեդրոնական գրասենեակը տարածած է յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուի. «Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորումը բխում է երկու երկրների եւ ժողովուրդների, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան շահերից», նաեւ՝ «Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման եւ երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացման վերաբերեալ արձանագրութիւնները զգալի տեղաշարժ են»:
Հայ ազգային կոնգրէսը, այդուհանդերձ, կ՛աւելցնէ, որ ընդունելի չէ հայ եւ թուրք պատմաբաններու միջկառավարական ենթայանձնաժողովի ստեղծման մասին դրոյթը, որ կասկածի տակ կ՛առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Նաեւ, մտահոգութիւն կը յարուցէ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ նշուած փաստաթուղթերու վաւերացման այն պայմանը, որ Սերժ Սարգսեանին հնարաւորութիւն կու տայ ենթայանձնաժողովի ստեղծման պատասխանատուութիւնը կիսելու խորհրդարանին հետ, իսկ Թուրքիոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծուած չըլլալու պատճառաբանութեամբ՝ ձգձգելու վաւերացման հարցը, եւ ատով իսկ՝ յետաձգելու հայ-թրքական սահմանին բացումը: