ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1ին, գրեթէ մէկ շաբաթ առաջ սկսած Լոս Անճելըս գաւառի հիւսիսային շրջաններուն հրդեհներուն դէմ պայքարող հրշէջները առաջին անգամ ըլլալով որոշ լաւատեսութիւն յայտնեցին հրդեհը զսպելու հաւանականութեան մասին, մինչ հրդեհը կը շարունակուէր մօտաւորապէս 200 քառակուսի մղոն տարածքի մը մէջ՝ սպառնալով աւելի քան 12,000 բնակարաններու: Ցարդ 53 բնակարաններ եւ տասնեակներով այլ կառոյցներ այրած են այս հրդեհներուն հետեւանքով, մինչ 3600 հրշէջներ կը փորձեն զայն օղակի մէջ առնել: Անոնք նաեւ տեղահան ըրած են աւելի քան 2000 քաղաքացիներ, մինչ ուրիշներ հեռանալու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուին: Իշխանութիւնները հրահանգած են պարպել 6000 տուներ: Ըստ ներկայ տուեալներուն, հրդեհները կարելի պիտի ըլլայ ամբողջութեամբ զսպել հաւանաբար Սեպտեմբերի կիսուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.