ՏԷ ՓԱՆՆԷ.- Օգոստոս 11ին Պելճիքիայի Տէ Փաննէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ պարի միջազգային փառատօն մը, որուն մասնակցած էին պարային խումբեր Յունաստանէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն եւ Նորվեկիայէն:
Պելճիքայի մէջ գործող «Նուարդ» Հայկական մշակութային միութիւնը այս առթիւ տեղեկացուցած է, թէ սոյն փառատօնին Պելճիքան ներկայացուցած է «Նուարդ» Հայկական մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ գործող «Բարեկամութիւն» հայկական պարախումբը: