ՄՈՆԹէՒԻՏԷՕ, «Նոյեան Տապան».- «Նոյեան Տապան-Հայերն Այսօր».- Օգոստոս 16ին Ուրուկուէյի «Արաքս» հայկական ձայնասփիւռի հաղորդումը տօնած է եթերի իր երկրորդ տարեդարձը:
Մոնթէւիտէոյի «Սիտառօսա» համերգասրահին մէջ, աւելի քան 500 հանդիսատես ունկնդրած է Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, «Տարօն» մանկական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գէորգ Չաքմանեանը եւ Ուրուկուէյի «Երեւան 50» նուագախումբը, որոնց միացած են Արժանթինի «Մասիս» պարախումբին անդամները:
Ըստ «Արաքս» ձայնասփիւռի հաղորդման ներկայացուցիչներուն, յաջորդ օրը նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցած է այլ համերգ մը՝ «Ներսէսեան», «Նուպարեան-Ալէք Մանուկեան» երկու հայկական, եւ տեղական «Արմէնիա» դպրոցներու ուսանողներուն համար, հայ ժողովրդական երգի հանդէպ երեխաներուն մէջ սէր սերմանելու նպատակով:
Գէորգ Չաքմանեանի այցելութեան առիթով «Արաքս» ձայնասփիւռի կայանը ձեռնարկած է յատուկ երաժշտական հաղորդումներու, որոնց մէկուն ընթացքին Երեւանէն, հեռախօսի միջոցով իր մասնակցութիւնը բերած է երգչուհի Ալլա Լեւոնեանը, իսկ միւս հաղորդումներուն ընթացքին ներկայացուած է Հայաստանի ժողովրդական երգիչներ Օֆելիա Համբարձումեանի եւ Ռուբէն Մաթեւոսեանի գործունէութիւնը: