ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ Այտըն նահանգին մէջ, Մուսթաֆա անունով 13 տարեկան պատանի մը պոռացած է. «Ալլահը անիծէ քեզի», մինչ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի շքախումբը կ՛անցնէր պատանիին առջեւէն: Դատախազութիւնը այդ մէկը նկատած է վարչապետին նկատմամբ «վիրաւորանք»։ Մեղաւոր նկատուելուն պարագային, պատանին կրնայ մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ։
Իր կարգին, պատանիին փաստաբանը Էրտողանի դէմ բողոք ներկայացուցած է։ Ան պատմած է, թէ վարչապետը իր թիկնապահներուն հրամայած է իր մօտ բերել տղան։ Մուսթաֆա Էրտողանին ըսած է, թէ զինք կը մեղադրէ իր հայրը սնանկացնելուն համար։ Էրտողան տղուն հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ ան այդպիսի բան ըսաւ, Մուսթաֆա պատասխանած է, թէ՝ որովհետեւ չի սիրեր զինք։ Ապա Էրտողան Մուսթաֆայի վիզը սեղմած է, ապա հրած է եւ թիկնապահներուն հրամայած, որ դուրս շպրտեն զայն: