ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ամառնային վարժողական ծրագրին մասնակցող Լորըն Շէնեան վերջին 10 շաբաթներուն ընթացքին տարատեսակ աշխատանք տարած է համայնքային եւ կառավարական յարաբերութեանց մարզերէն ներս՝ կեդրոնանալով յատկապէս վարժարաններու մէջ գործածուելիք դաստիարակչական նիւթերու եւ Արցախի մասին տեղեկատուական թղթածրարներու պատրաստութեան վրայ:
«Երախտապարտ եմ այս ծրագրին մասնակցելու առիթին համար: Անոր շնորհիւ ծանօթացայ նուիրուած գործիչներու եւ արժէքաւոր փորձառութիւն ապահովեցի», կը յայտնէ Շէնեան:
Լեռնային Ղարաբաղի պատմութիւնն ու խաղաղութեան գործընթացը ուսումնասիրելով՝ ան տեղեկատուական թղթածրարներ պատրաստեց ու վարժողական ծրագրին մասնակցող Նարէ Քիւփէլեանի հետ կազմակերպեց համալսարանական ուսանողներու յատուկ աշխատաժողով մը՝ նուիրուած ցեղասպանութեանց ուսուցման ու տագնապներ լուծելու աշխատանքներուն:
Շէնեան Կլէնտէյլ քաղաքի համալսարանի հոգեբանութեան բաժանմունքի ուսանող է եւ անոր ուսանողական մարմնին փոխնախագահը: Ան նաեւ գործօն անդամ մըն է համալսարանի Հայ ուսանողներու միութեան մէջ: Ան որոշած է Հայ Դատին հետ իր գործակցութիւնը շարունակել ամառնային վարժողական ծրագրին աւարտէն ետք եւս: