Վերամուտի նախօրեակին, ուրախալի լուր մը՝ հայկական վարժարաններու ու յատկապէս 9րդ դասարանի աշակերտներուն։ Նոր լոյս տեսաւ Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի հրատարակած լեզուի դասագիրքերու շարքին 9րդը՝ «Մեր Լեզուն, Հայ Լեզու եւ Գրականութիւն – 9», որ իր վարժութիւններու գրքոյկին հետ միասին, այժմ տրամադրելի է 9րդ կարգի աշակերտներուն։
Այս դասագիրքը վերջինն է Ազգ. առաջնորդարանի հրատարակած հայերէն լեզուի դասագիրքերու շարքին մէջ, որ կ՛ընդգրկէ մանկապարտէզէն մինչեւ 9րդ դասարանները։ Միջնակարգի 6էն 8րդ դասարաններու դասագիրքերուն պէս, շարքի այս վերջին դասագիրքին հեղինակներն են Յարութ եւ Մարօ Քիւրքճեանները, իսկ գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Լորենց Եագուպեան։
Դասագիրքին բովանդակութիւնը կարելի է նկատել ծաղկաքաղ մը մեր գրականութիւնը կերտած հեղինակներու գործերէն, արձակ թէ բանաստեղծութիւն՝ «համեմուած» հասարակական ու գիտական կեանքերէ քաղուած տեղեկութիւններով։ Իւրաքանչիւր դասի վերջաւորութեան, կան տուեալ դասին հիման վրայ ձեւաւորուած լեզուական վարժութիւններ։
Լեզուի դասագիրքերու այս շարքին կողքին, Ազգ. առաջնորդարանը հրատարակած է Հայոց պատմութեան (4րդէն 9րդ դասարաններու համար) եւ Հայ Դատի (10րդէն 12րդ դասարաններու համար) դասագիրքեր, բոլորն ալ պատրաստուած մեր ափերու ուսումնական դրութեան պայմաններուն համապատասխան։
Դասագիրքերը կ՛օգտագործուին ոչ միայն Արեւմտեան թեմին, այլ նաեւ սփիւռքեան տարբեր օճախներու հայկական վարժարաններու կողմէ, Քանատայէն մինչեւ Աւստրալիա։
Ստանալու համար կարելի է դիմել Ազգային առաջնորդարանի գրասենեակ՝ հեռաձայնելով (818) 248-7737/38 թիւերուն, կամ կապ հաստատել Prelacy@AOL.com համացանցային հասցէին հետ: