Կիրակի, Օգոստոս 9, 2009ի առաւօտուն, բարեկենդան Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Պահոց տօնին օրը, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակը լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ։ Հոգեւոր հովիւ, Հոգաբարձական կազմ, Տիկնանց միութեան անդամուհիներ պատրաստ էին դիմաւորելու թեմիս առաջնորդ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ պիտի նախագահէր Ս. պատարագին եւ պիտի կատարէր եկեղեցւոյ նոր սրբանկարներուն օծումը։
Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Խորէն քհնյ. Պապօշեան։ Արարողութեանց ներկայ եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Եփրեմ արք. Թապագեան։
Ժամը 10:45ին, «Խորհուրդ Խորին» շարականի երգեցողութեամբ սկսաւ Ս. պատարագը։ Նոյն պահուն, եկեղեցի հասան առաջնորդ սրբազանն ու Եփրեմ սրբազանը եւ ուղղուեցան դաս: Ներկայ էին եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններ, հանդերձ ընտանեօք, նաեւ սրբապատկերներու բարերարներ, հովանաւորներ եւ ազգային դէմքեր։
Ժամը 12ին, հասաւ սրբապատկերներու օծման պահը. սրբազան հայրերը թափօրով եւ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ խորան բարձրացան, ուր սրբապատկերներու օծման արարողութիւնը սկսաւ աղօթքներու ընթերցանութեամբ, սաղմոսներու փոխասացութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ։ Առաջնորդ սրբազանը «Առաքելոյ աղաւնոյ» հոգեպարար շարականի երգեցողութեամբ, միւռոնաթափ աղաւնին ի ձեռին՝ միւռոն հեղուց սրուակին մէջ, հերթաբար օծեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը, Աստուածամօր Վերափոխումը, Թարգմանիչ հայրերը, Ս. Տրդատի մկրտութիւնը ներկայացնող եւ այլ խորհրդանշական սրբապատկերները։
Օծման աւարտին, առաջնորդ հայրը փոխանցեց օրուան յատուկ պատգամը՝ փառք եւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ, որ առիթ ընծայած էր իրեն եւ Եփրեմ սրբազանին կատարելու այս օծումը։
Սրբազան հայրը առաջին հերթին գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնը, երեսփոխանական կազմը եւ անոնց եկեղեցանուէր աշխատանքը, ի խնդիր եկեղեցւոյ պայծառութեան։
Ան ողջունեց ներկայութիւնը եկեղեցւոյ բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս Կիտցինեանի եւ ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հովանաւորներուն, բարերարներուն եւ ներկայ բազմահարիւր հաւատացեալներուն։
Առաջնորդ սրբազան հայրը անդրադարձաւ Աւետարանի «Անդամալոյծի բժշկութեան» առակին եւ անոր ընդմէջէն վեր առաւ զայն փոխադրողներուն հաւատքը՝ յիշեցնելով, որ բազմութեան պատճառաւ անոնք չէին կրցած Յիսուսի մօտ հասցնել անդամալոյծը, ուստի տանիքը քակելով եւ առաստաղը բանալով՝ պարանով անդամալոյծը իջեցուցին Յիսուսին ոտքերուն առջեւ։ Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց ներկաներուն նմանիլ պատգարակը կրող այդ հաւատացեալներուն ու անոնց օրինակին հետեւելով՝ ժողովուրդը հրաւիրել եկեղեցի, կապել հոգիի տան, որովհետեւ հիւանդը կրողները վստահ էին, որ Տէրը պիտի բժշկէր անդամալոյծը:
«Հայր Մեր»ի երգեցողութեամբ շարունակուեցաւ Ս. պատարագը. տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ ստացան Ս. հաղորդութիւն, իբրեւ քաւութիւն եւ թողութիւն մեղքերու:
Պատարագի աւարտին, Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց միութիւնը «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ ճաշով հիւրասիրեցին Առաջնորդ սրբազանը, եկեղեցւոյ բարերարներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը:
Տէր Խորէն քհնյ. Պապօշեան խօսք առնելով՝ գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հոգեպարար օր մը պարգեւեց բոլորին, ապա բարիգալուստ մաղթեց առաջնորդին, եկեղեցւոյ բարերարին, սրբապատկերներու հովանաւորներուն, նաեւ այս բարեբաստիկ օրուան առիթով շնորհաւորեց ու գնահատեց ներկաները եւ անոնց եկեղեցանուէր ծառայութեան ոգին։
Ապա, սրբազան Հօր «Պահպանի»չով իր աւարտին հասաւ հիւրասիրութիւնը եւ ներկաները հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան եկեղեցւոյ սրահէն, ապրելէ ետք յիշատակելի եւ եզակի օր մը։