ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Օգոստոս 18ի ԼՂՀ կառավարութեան նիստի ընթացքին, հաւանութեան արժանացած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեանի ներկայացուցած նախագիծը, ըստ որուն Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի բանալ եւս 3 մանկապարտէզներ՝ անոնց թիւը հասցնելով 24ի։
Կրթութեան նախարարի հաւաստումով, մանկապարտէզներուն՝ մինչեւ տարեվերջ պահպանման ծախսերը պիտի ապահովուին նախարարութեան որոշ ծրագիրներու իրականացման ընթացքին տնտեսուած գումարներով:
Նշենք, որ Ղարաբաղի մէջ կան նաեւ սեփական մանկապարտէզներ: Մանկապարտէզներու ցանց ունին Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը եւ Հայ օգնութեան միութիւնը: