ՀԱԼԷՊ.- Գրասէր հանրութիւնը տեղեակ է արդէն, թէ 2006 թուականէն ասդին Հալէպի մէջ կանոնաւոր հերթականութեամբ կը վերահրատարակուին Եղեռնի վերապրող մտաւորականներէն Թէոդիկի (Թէոդորոս Լապճինճեան, 1873-1928) նշանաւոր «Ամէնուն տարեցոյցը»ները, որոնք լոյս տեսած ըլլալով շուրջ հարիւր տարի առաջ՝ գրեթէ անգտանելի դարձեր էին նոյնիսկ հանրային գրադարաններու մէջ։
Թէոդիկ պոլսեցի ժիր բանասէրը, իր տարեցոյցները սկսած էր հրատարակելու 1907էն սկսեալ, մինչեւ մահ, ընդամէնը՝ 19 հատոր։ Հատորներու այս թանկագին շարքը այսօր նոյնութեամբ կը վերահրատարակուի Հալէպի մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան պաշտօնական մատենաշարով, վայելելով քաջալերանքն ու նեցուկը հիմնարկութեան Հայկ. բաժանմունքի վարիչ-տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի։
Վերահրատարակութեան գործը ստանձնած է «Կիլիկիա» հրատարակչատունը, իսկ խմբագրական աշխատանքը վստահուած է հալէպահայ ծանօթ մտաւորական Լեւոն Շառոյեանի:
Գործը լայն արձագանգ գտած է Սփիւռքի մէջ, իսկ մամուլը յաճախ դրուատիքով կ՛անդրադառնայ այս երկարաշունչ ծրագրին։
Բոլորովին վերջերս լոյս տեսաւ շարքին հերթական 9րդ հատորը եւս, որ կը կրէ 1915 թուականը։ Թէոդիկ զայն հրատարակած էր Մեծ Եղեռնի անմիջական նախօրեակին։ Լեւոն Շառոյեան իր ստորագրած յառաջաբանին մէջ կը վերագծէ արդէն սարսափի ճնշիչ այն մթնոլորտը, որ 1914ի վերջերուն կը տիրէր Պոլիսէն մինչեւ Արեւմտահայաստանի հեռաւոր գաւառները, եւ շատերուն նախատեսել կու տար հայութեան գլխուն վերեւ ճօճուող ՎՏԱՆԳԸ…։ Ան նկատել կու տայ նաեւ, թէ տարեցոյցին այս հատորը «տխրօրէն վարագոյր կ՛իջեցնէ արեւմտահայոց գրական ու մտաւորական կեանքին անկրկնելի մէկ հանգրուանին վրայ», որովհետեւ հոն լոյս ընծայուած կարգ մը գրութիւններ՝ «կարապի երգ»երը պիտի դառնային ատոնց հեղինակներուն։
«Իսկ ի՛նք, Թէոդիկ,- կը նշէ յառաջաբանը,- հրաշքով մը պիտի վերապրէր Եղեռնէն։ Նախախնամութիւնը պիտի փրկէր զինք ստոյգ մահուան ճիրաններէն ու վերադարձնէր իր այնքա՜ն սիրելի գրասեղանին, այս անգամ՝ վկայագրելու համար հայութեան Գողգոթան ու անոր անհամար խաչեալները…»։
Տարեցոյցի այս թիւը կը բաղկանայ շուրջ 465 էջերէ։ Ծանօթ դէմքերու կողմէ ստորագրուած արձակ թէ չափածոյ գրութեանց կողքին, կան նաեւ բանասիրական, հնախօսական, լեզուաբանական, նամականիի, արուեստի ու ժամանցի տարաբնոյթ բաժիններ։
Կարելի է անվարան նշել, որ սոյն գործի ամբողջական վերահրատարակութիւնը հալէպահայ հրատարակչական մարզի պատմութեան մէջ երեւոյթ մըն է ու միանգամայն պատուաբեր իրագործում մը։
Վերահրատարակութեան պատասխանատուները կը յայտնեն, թէ շարքին 10րդ հատորը հրապարակ կ՛ելլէ մինչեւ յառաջիկայ Հոկտեմբեր։ Ատիկա միացեալ թիւ մըն է, որ կը կրէ 1916-1920 թուահամարը։ Չորս տարուան ակամայ դադարէ մը ետք, Թէոդիկ զայն հրատարակած է աքսորէ վերադարձին՝ հոն ամփոփելով Եղեռնի տարիներու իր յուշերը ու Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին վերաբերող արժէքաւոր վկայութիւններ։