ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 16ին աւարտած են Հայաստանի մէջ ընթացող ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի Համահայկական խաղերը, որոնց ընթացքին տղոց պասքեթպոլի Սոչիի մարզիկները 72:68 հաշիւով յաղթած են Լոս Անճելըսի խումբին, դառնալով խաղերուն ախոյեանը: Կանանց պասքեթպոլի մրցաշարին, Երեւանի մարզուհիները 72:66 հաշիւով յաղթած են Թեհրանի խումբին՝ նոյնպէս նուաճելով ախոյեանի կոչում:
Ֆութպոլի մրցաշարին Թեհրանի խումբը 1:0 հաշիւով յաղթած է Երեւանի խումբին եւ դարձած է Համահայկական խաղերու ախոյեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.