ԱՐՑԱԽ, «Ռատիօլուր».- Օգոստոս 17ին Արցախ մեկնած է 61 հոգիներէ կազմուած զբօսաշրջիկներու առաջին խումբը՝ իրականացնելով ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ Հայաստանի զբօսաշրջութեան գործակալութիւններու ներկայացուցիչներուն տրուած առաջարկը, որ ընդունուած էր Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։ Ծրագրին նպատակն է ճանաչողական այցելութիւն կատարել դէպի Արցախ։
Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է «Ռումէա» ճամբորդութիւններու ակումբ-ընկերութեան միջոցով: Զբօսաշրջիկները Արցախ պիտի այցելեն վեց օր, հինգ գիշեր: Ըստ ընկերութեան տնօրէն Ռուբէն Գրիգորեանի, զբօսաշրջիկները պիտի մնան Գանձասարի Վանք գիւղին մէջ գտնուող հիւրանոցներուն մէջ՝ վճարելով 90 հազար դրամ, Ստեփանակերտի Երեւան հիւրանոցին մէջ՝ վճարելով 105 հազար դրամ եւ Ստեփանակերտի «Արմէնիա» հիւրանոցին մէջ՝ վճարելով 130 հազար դրամ:
Նախատեսուած է զբօսաշրջիկներուն այցելութիւնը Ստեփանակերտ, Շուշի, Գանձասար եւ Ամարաս: