ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 14ին հանդիպելով լրագրողներու հետ՝ ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեան նշած է, որ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը Մարիամ Աստուածածինի տօնը կը նշէ Օգոստոս 15ին, իսկ Հայ առաքելական եկեղեցին՝ Օգոստոս 15ի ամենամօտ Կիրակին: Ազգագրագէտը յայտնած է, որ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինի նուիրուած 8 տօներ ունի, սակայն աւելի մեծ շուքով կը նշէ այս վերջինը, որուն արարողակարգէն առաջ արգիլուած է խաղող ուտելը: Խաղողօրհնէքի կարգին համաձայն, առաջին բերքը կը նուիրաբերուի բերքը հովանաւորող Աստուծուն: «Այսօր մենք շատ ենք հեռացել այս տօնից: Նախկինում տօնից յետոյ լինում էին ուխտագնացութիւններ՝ հիմնականում Մարիամ Աստուածածնի անունը կրող որեւէ ուխտավայր, նաեւ խաղողի փոխարէն օրհնւում էր ցորենի հասկը», յայտնած է ազգագրագէտը եւ նշած, որ Աստուածածնայ տօնը մեծ աղերսներ ունի Նաւասարդեան տօներուն հետ՝ ժառանգելով վերջինիս հետ կապուած որոշ աւանդոյթներ:
Նշենք, որ աշնան հանրութեան պիտի ներկայացուի Հրանոյշ Խառատեանի «Տօնը եւ տօնահանդէսի մշակոյթը Հայաստանում» գիրքը, որ, ըստ ազգագրագէտին, փորձ մըն է հայ հասարակութեան մէջ տօնահանդէսի մշակոյթը ձեւաւորելու գծով: