ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Սեպտեմբեր 2ին Ղարաբաղի մէջ պիտի նշուի ԼՂՀ հռչակման 18րդ տարեդարձը, որուն համար տօնակատարութիւններու կը պատրաստուին ե՛ւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ե՛ւ հանրապետութեան այլ շրջաններու մէջ։ Ըստ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուած տեղեկութեան, տարեդարձի ծիրէն ներս, Օգոստոս 12ին, տօնակատարութիւններու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնաժողովը գումարած է յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին հաստատուած ծրագիրով՝ Սեպտեմբեր 1ին Արցախի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ 2008-2009 տարուան առաջին դասը պիտի նուիրուի անկախութեան օրուան, եւ անոր պիտի մասնակցին ԼՂՀ անվտանգութեան խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան անդամներ եւ ԱԺ պատգամաւորներ: Սեպտեմբեր 2ին զինուորական շարասիւները քայլերթով պիտի անցնին մայրաքաղաքի եւ շրջաններու կեդրոնական փողոցներէն, Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մէջ պիտի կազմակերպուին համերգներ եւ մարզական ելոյթներ, ինչպէս նաեւ ժողովրդական զբօսահանդէսներ: Պետական կառավարական պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Ստեփանակերտի Յուշահամալիր, իսկ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ ԼՂՀ նախագահի ընդունելութիւնը: Ստեփանակերտի քաղաքապետին հաւաստումով, մայրաքաղաքի փողոցներու եւ զբօսայգիներու բարեկարգման եւ կանաչապատման աշխատանքները պիտի աւարտին մինչեւ Օգոստոս 20:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.