ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Տի.Սի.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, որ Ամերիկայի թուրքերը ձեռնարկած են արշաւի մը՝ փորձելով ճնշում բանեցնել համացանցային որոնման հզօրագոյն շարժիչը նկատուող «Կուկըլ» ընկերութեան վրայ, ոպրէսզի ան միանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու շարքին:
Թրքական այս արշաւը ձեռնարկուած էր ի պատասխան «Կուկըլ»ի՝ «Վատ մի՛ ըլլար» նշանաբանին, որուն տրամաբանութենէն մեկնելով՝ ընկերութիւնը որոշած էր արգիլել թրքական կազմակերպութիւններու կողմէ զետեղուած ծանուցումները, որոնք համացանցային ուշադրութիւն կը հրաւիրէին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող կայքէջերու վրայ:
Ամէն անգամ, երբ համացանցի մէջ մտնող մը հայ, Հայաստան, կամ Հայկական Ցեղասպանութիւն բառերը գրեր որոնման տուփին մէջ, ի յայտ կու գային թրքական ծանուցումներ, որոնք կ՛առաջնորդեն որոնողը դէպի Ամերիկայի թուրքերու միութեան կայքէջ, ուր զետեղուած են հակահայ ու Ցեղասպանութիւնը հերքող գրութիւններ:
Այս առթիւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան յայտնած է. «Թրքական համախմբումի՝ «Կուկըլ»ի վրայ ճնշում բանեցնելու ճիգերը, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման իրենց աշխատանքները անիմաստ են ու ապարդիւն: Մենք կը գնահատենք «Կուկըլ»ի իր ծանուցումներու քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու որոշումը եւ կը յարգենք «Վատ մի՛ ըլլար» նշանաբանով ղեկավարուող սուտ ու յերիւրանք տարածող ծանուցումները դադրեցնելու իր կեցուածքը»:
«Կուկըլ» իր այս որոշումը առած էր Յունիս 2009ին, երբ ստանալով ամերիկահայերու եւ մարդկային իրաւանց ջատագովներու կողմէ գրուած հազարաւոր բողոքի նամակներ՝ վերատեսութեան ենթարկած էր իր ծանուցումներու քաղաքականութիւնը:
Ամերիկահայերու ու մարդկային իրաւանց ջատագովներու ուշադրութիւնը այս հարցին շուրջ հրաւիրուած էր Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ եւ իր ստեղծած լրատուական ցանցին շնորհիւ: