ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Վաթան» օրաթերթը երէկուան իր թիւով կը յայտնէ, թէ ո՛չ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, ո՛չ ալ թրքական կառավարութեան պաշտօնատարներ կը խօսին թրքական ծրագիրին մասին, սակայն ըստ սպրթած տեղեկութեանց, այդ ծրագիրը կը բաղկանայ դիւանագիտական ու զինուորական դասաւորումներու շարքէ մը, ինչպէս նաեւ տնտեսական քայլերու լայն փաթեթէ մը։
Առաջին՝ թրքական կառավարութիւնը յառաջիկայ տարիէն սկսեալ քրտաբնակ շրջաններու ենթակառոյցներու մարզին մէջ ներդրումներու ենթահողը պիտի պատրաստէ։ Շրջանին մէջ գործազրկութեան հարցը պիտի լուծուի հինգ տարիէն։ Նոյն ատեն գիւղի պահակները աշխատատեղիի առաջնահերթութիւն պիտի ունենան, որովհետեւ գործէ պիտի արձակուին:
Երկրորդ՝ թրքական սահմանադրութեան 66րդ յօդուածը, որ կ՛ըսէ, թէ՝ «Թրքական պետութեան կապուած բոլոր անձերը քաղաքացիութեան կապի ճամբով թուրք են», չեղեալ պիտի նկատուի։ ՔԱԿի ղեկավարները եւրոպական երկիր մը պիտի ղրկուին, եւ միւսներուն համար համաներում պիտի ծրագրուի։ Քրտերէնով սփռուող անձնական պատկերասփիւռի կայանները պիտի արտօնուին եւ պետական գրասենեակներուն մէջ քրտերէն լեզուին արգիլումը պիտի վերցուի։
Երրորդ՝ Հարաւարեւելեան Թուրքիոյ համար զինուորական վերադասաւորում մը ծրագրուած է։ Գիւղի պահակներու համակարգը պիտի վերցուի։ Ոստիկան-զինուորները հինգ տարուան ընթացքին քաղաքներէն եւ գիւղաքաղաքներէն պիտի հեռացուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.