ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ Շաբաթ օր, Երեւանի մէջ աւարտեցան համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերը, որոնք եօթը օրեր շարունակ 550 մարզիկներ, պատասխանատուներ եւ ծնողներ համախմբեցին Հայաստանի մէջ։
Մարզախաղերուն հանդիսաւոր փակումը տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի «Տինամօ» մարզադաշտին մէջ, ներկայութեամբ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի ներկայացուցիչին, հայրենի հիւրերու եւ ՀՄԸՄական պատասխանատուներու։ Փակման հանդիսութեան յաջորդեց յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէս։
Մարզախաղերու արդիւնքները պարզեցին հետեւեալ պատկերը.
ՖՈՒԹՊՈԼ
1. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
2. Ֆրանսա
3. Լիբանան
Աւարտական մրցումին, Վազգէն Սարգսեան անուան հանրապետական դաշտին վրայ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու խումբը յետերկարաձգման 3-2 արդիւնքով, յաղթեց Ֆրանսայի խումբին։ ՀՄԸՄի Լիբանանի Ներկայացուցչական խումբը Արեւելեան Մ. Նահանգներու խումբին 4-1 յաղթելէ ետք հանդիսացաւ երրորդ։
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ-ՏՂԱՔ
1. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
2. Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ
3. Քանատա
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ-ԱՂæԻԿՆԵՐ
1. Սուրիա
2. Թեհրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութիւն
3. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ-ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ
1. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
2. Լիբանան
Փինկ-փոնիկ մրցումներուն տիրապետութիւնը եղաւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու։ Պուլկարիոյ խումբը նաեւ շահեցաւ մետալ մը։
Ճատրակի մրցումները շահեցան ՀՄԸՄի Հայաստանի սկաուտները։
Լողի մրցումներուն մետալները հնձեցին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու լողորդները։
Մարզախաղերու լաւագոյն մարզիկը հանդիսացաւ լողորդ Վաչէ Գազանճեան, որ շահեցաւ 9 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալ։
Մարզախաղերու առաւելագոյն յաղթանակները արձանագրեց Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու խումբը, որ արժանացաւ Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի հաստատած շրջուն բաժակին։ Բաժակը ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան յանձնեց հայրենի ծանօթ ծանրաբարձ, ողիմպիական ախոյեան Օգսէն Միրզոյեանը։