ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Իրանեան վերջին երկու օդային արկածներու մասին երկրի օդանաւային հարցով պատասխանատուները յայտարարած են, թէ Թեհրան-Երեւան եւ Թեհրան-Մաշհատ թռիչքները իրականացնող ինքնաթիռներու կործանման խնդիրով երկու ազդակներ դերակատար եղած են՝ «անյայտ գործօն» եւ «մարդկային սխալ»: Հակառակ այն իրողութեան, որ փոխադրութեան նախարարը օրեր առաջ յայտարարած էր, որ Թեհրան-Երեւան թռիչքի արկածի պատճառը եղած է օդանաւի շարժիչին մէջ առկայ մեքենայական խանգարում, երէկ, երկրի օդանաւային կազմակերպութեան թռիչքի չափանիշներու հարցով տեղակալ Ֆարամարզ Սարուարի փորձած է ապահով համարել «Թոփոլով» տեսակի օդանաւերը եւ մերժելով օդանաւի շարժիչի մեքենայական խանգարումը՝ արկածին պատճառը համարած է «անյայտ գործօն» մը, որուն բացայայտման ուղղութեամբ քննարկումները ընթացքի մէջ են:
Ֆարամարզ Սարուարին յայտնած է, թէ «Յանկարծական կերպով օդանաւի թիւ մէկ շարժիչին մէջ խնդիր մը ծագած է, որ արագօրէն տարածուած է օդանաւի այլ բաժիններ եւ մինչեւ այսօր իրանցի ու միջազգային փորձագէտներու համար պարզ չէ այդ սկզբնական պատճառը, որովհետեւ օդանաւը երբ ուզած է բարձրանալ, յանկարծ 270 աստիճան պտոյտ կատարելով՝ կործանած է»:
Սարուարին նաեւ ըսած է, թէ «Եթէ շարժիչի սարքի խանգարում ըլլայ, գոյութիւն ունի ազդանշան մը, որուն մասին օդաչուն կը տեղեկանայ եւ առիթ կ՛ունենայ հակակշիռի տակ առնելու խնդիրը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.