ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- «Աւարայր» զբօսաշրջական ընկերութեան ղեկավար Արկադի Սահակեանի նպատակն է զբօսաշրջիկներուն աչքէն թաքցնել գեղատեսիլ լանջերու, գետերու եւ նոյնիսկ պետութեան կողմէ պահպանուող արգելոցներու աղբը:
Հայաստանի մէջ ամէն տարի 1.05 միլիոն թոն աղբ կը նետուի այդ նպատակով չառանձնացուած, չմշակուած աղբանոցներուն կամ մօտակայ ձորերուն մէջ. երեւոյթ մը, որ ոչ միայն տգեղ է, այլեւ վտանգաւոր, որովհետեւ անիկա կը յառաջացնէ տարբեր տեսակի վտանգաւոր հիւանդութիւններ։ Երկրի պաշտօնական աղբանոցներէն ոչ մէկը ունի թափօնները վերամշակելու յատուկ ձեւ:
Ըստ «Հայ կանայք՝ յանուն առողջութեան եւ առողջ շրջակայ միջավայր» կազմակերպութեան փորձագէտ, բժշկուհի Լիլիկ Սիմոնեանի, ոչ մէկ աղբանոց կը համապատասխանէ առողջապահական նուազագոյն պահանջներուն: «Աղբավայրերը պէտք է բետոնից պատեր ունենան կամ տեղակայուած լինեն այնպիսի տարածքներում, որոնք հնարաւոր է լուանալ կամ մաքրել՝ առանց շրջակայ միջավայրը թունաւորելու», յայտնած է Սիմոնեան:
Երեւանի քաղաքապետարանի համայնքային բաժնի պետ Գագիկ Խաչատրեանի հաստատումով, հնարաւորութիւնները շատ սահմանափակ են միջազգային չափանիշներու համապատասխան աղբավայր կառուցելու համար։