ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմնէն ստացած ենք հաղորդագրութիւն մը, ուր կը հրապարակուի Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնի նշանակման լուրը: Ստորեւ կը ներկայացնենք հաղորդագրութիւնը.
Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք յայտարարել, որ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը պրն. Նազօ Աբանեանը նշանակած է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէն։ Նազօ Աբանեան 1995էն 2006 տարիներուն իբրեւ ուսուցիչ եւ հայկական բաժանմունքի համակարգող պատասխանատու պաշտօնավարած է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանէն ներս եւ լայն փորձառութիւն ունի ուսուցման եւ դասածրագրի մշակման բնագաւառներուն մէջ։ 1998-2006 ան եղած է վարչական աշխատանքներու գծով տնօրէնի օգնական։ Պրն. Աբանեան բազմակողմանի ընկալումը ունի հայեցի դաստիարակութեան ու նոր սերունդի մշակութային ու ազգային ինքնութեան կազմաւորման մարզերէն ներս։ Ան Մագիստոսի տիտղոսը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն պատմագիտութեան ճիւղին մէջ։
«Մարմինս բարձր կը գնահատէ Պրն. Աբանեանի կրթական պատրաստութիւնը, ուսումնական եւ ուսուցողական բնագաւառներէն ներս անոր ցուցաբերած մօտեցումները եւ իբրեւ կրթական մշակ ձեռք բերած փորձառութիւնն ու վարչական կարողութիւնները։ Վստահ ենք որ պրն. Աբանեան մեծապէս պիտի սատարէ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս մեր Ազգային վարժարանի վերելքին եւ աշակերտութեան ուսումնական յառաջընթացին։ Կը հաւատանք, որ ուսուցչական կազմի անվերապահ աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ վարժարանի Ուսումնական մարմնին եւ յարակից մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն հետ սերտ գործակցութեամբ ան պիտի յաջողի շարունակել վարժարանի ուսումնական յառաջընթացը եւ նոր նուաճումներով հարստացնել վարժարանի կրթական առաքելութիւնը», ըսաւ Խնամակալ մարմինի ատենապետ Մարք Կէտիկեան։
Կը շնորհաւորենք պրն. Նազօ Աբանեանը իր այս նոր ու պատասխանատու պաշտօնի ստանձման առիթով եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իր ստանձնած այս նոր առաքելութեան մէջ։ Այս առիթով մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք նաեւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին։
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
Օգոստոս 03, 2009