Շաբաթ, Յուլիս 25ին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան մեկնեցաւ Տէնվըր (Քոլորատօ), ուր սիրալիր կերպով դիմաւորուեցաւ ծուխի հոգեւոր հովիւ Զաւէն քհնյ. Մարկոսեանի կողմէ:
Կիրակի օր, սրբազան հայրը Ս. պատարագ մատոյց եւ տուաւ իր հոգեւոր պատգամը: Ս. սեղանին կը սպասարկէր տէր Զաւէն քահանան: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ էին միասնաբար աղօթելու եւ լսելու սրբազան հօր պատգամը: Առաջնորդը իր խօսքին մէջ գնահատեց տէր հօր, Ծխական խորհուրդին եւ Տիկնանց միութեան կատարած նուիրեալ ծառայութիւնը, նշմարելով, որ ծուխը կազմակերպչական լաւ ընթացքի մէջ կը գտնուի եւ կը զօրանայ: Մեծ թիւով հաւատացեալներ Ս. հաղորդութիւն ստացան եւ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր հաւատացեալները առիթը ունեցան զրուցելու առաջնորդին հետ եւ ստանալու անոր օրհնութիւնները: