ՄԱԼԹԱ, «Փանորամա».- Ըստ սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, Մալթայի մայրաքաղաք Վալետայի «Հիլթըն» հիւրանոցին մէջ, Յուլիս 31ին պիտի իրականանայ վերջերս պաշտօնապէս գրանցուած հայ համայնքի առաջին համաժողովը, որուն ընթացքին պիտի ընտրուի համայնքի ղեկավարը:
Կառոյցը արդէն ի գործ դրած է իր եռալեզու (հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն) պաշտօնական www.malta-armenia.eu կայքը: Կայքի պատասխանատու Իլոնա Սարուխանեանի համաձայն, կը նախատեսուի, որ համայնքը Վալետայի մէջ բանայ հայկական Կիրակնօրեայ դպրոց, ինչպէս նաեւ քաղաքի փողոցներէն մէկուն մէջ տեղադրէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքար:
Կայքի պատասխանատուի հաստատումով, Մալթայի մէջ կ՛ապրի 300-350 հայ: