ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Լիթուանացի լրագրող Գեդաս Սարոչկան Պաքուէն արտաքսած են, երբ սահմանային ոստիկանները անոր անձնագիրին մէջ նկատած են Ղարաբաղ մուտքի արտօնագիր:
Սարոչկան ղարաբաղեան մուտքի արտօնագիր ստացած էր վերջերս, երբ այցելած էր Ստեփանակերտ ԱՊՀ եւ Բալթեան երկիրներու լրագրողներու ֆութպոլի մրցաշարին մասնակցելու համար: