ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկահայ այլ կազմակերպութեանց հետ համագործակցաբար, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը «Շեւրոն» ընկերութեան դէմ բողոքի արշաւ մը պիտի սկսի՝ դատապարտելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացման դէմ քարիւղի այդ ընկերութեան տարած լոպպիական «ծածուկ» աշխատանքները:
Այս նպատակով առաջին ցոյցը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յուլիս 22ին, Քալիֆորնիոյ Սան Ռամոնի մէջ, ուր հաստատուած է «Շեւրոն» ընկերութեան կեդրոնատեղին:
Ցոյցին զուգահեռ, ընկերութեան տնօրէն Տէյվ Օ՛Ռայլիի ուղղուած բողոքի նամակներու արշաւ մը կը կատարուի, եւ այս բողոքի արշաւին կապակցութեամբ համացանցային «Ֆէյսպուք» կայքին վրայ հաստատուած յատուկ խմբակի անդամներուն թիւը արդէն իսկ հազարը անցած է:
Նամակարշաւի մանրամասնութեանց համար այցելել համացանցային www.anca.org/chevron կայքէջը:
«Ոչ մէկ ընկերութիւն, որքա՛ն ալ մեծ ըլլայ, պէտք է օգտուի ցեղասպանութենէն կամ անոր ուրացումէն: «Շեւրոն»ի եւ անոր գործակիցներուն այս ամօթալի արարքները պէտք է բացայայտուին ու դատապարտուին», կը յայտնէ ՀԵԴի Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Լորըն ՏաՍիլվա:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ մեծագոյն ընկերութիւնը հանդիսացող «Շեւրոն»ը մէկն էր այն վեց ընկերութիւններէն, որոնք Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացման դէմ Թուրքիոյ իշխանութեանց ջանքերուն նեցուկ կը կանգնէին:
«Փաստօրէն, Թուրքիա ոչինչ կը խնայէ իր պատմութեան մութ էջերը ծածկելու համար: Նման ընկերութեանց հետ գործակցութիւնը Թուրքիոյ ուրացման արշաւին նորագոյն տարբերակն է՝ ուրացման արշաւը տարածելով դէպի մեր համայնքները, քարիւղի մէկ կայարանէն միւսը», կը յայտնէ ՀԵԴի Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Թովմասեան: